Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած պրոնզէ բարձրաքանդակի բացումը Ամսթերտամի մէջ

Մայիս 10-ին, Ամսթերտամի Ս․ Նիկողայոս Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած պրոնզէ բարձրաքանդակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքի Ս․ Հոգի հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծուխի անդամները, ինչպէս նաեւ այլ Եկեղեցիներու հոգեւորականներն ու հաւատացեալները։

Միջեկեղեցական արարողութեան մասնակցեցան եւ ներկաներուն ուղերձով հանդէս եկան՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Խաժակ արք․ Պարսամեան, Հաառլեմ-Ամսթերտամի կաթոլիկ թեմի առաջնորդ Եան Հենտրիքս եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան հեղինակներ՝ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Ամսթերտամ» հիմնադրամի ղեկավար Վահան Աւագեանն ու Համահայկական աշխարհագրական ընկերութեան նախագահ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան եւ բարձրաքանդակի հեղինակ՝ քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին։

Խաժակ սրբազան իր խօսքին մէջ նշեց արարողութեան խոր յուզական եւ հոգեւոր նշանակութիւնը՝ զայն համարելով յիշողութեան, հաւատքի ու յոյսի միաւորող խորհրդանիշ։ Ան անդրադարձաւ 2015 Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատմական պահուն, երբ Սրբազան քահանայապետ Փրանկիսկոս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։ Այս ճանաչումը ընդգծեց Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի հոգեւոր ժառանգութեան համամարդկային արժէքը եւ անոր խօսելու կարողութիւնը բոլոր ժամանակներու մարդոց սրտերուն՝ աղօթքի, կարեկցանքի եւ հաւատքի լեզուով։

Սրբազան հայրը Նարեկացին բնութագրեց որպէս «ձայն, որ կը հնչէ տառապանքի խորքէն՝ վերածուելով աղօթքի եւ յոյսի, եւ յիշեցուց, որ անոր գրած խօսքերը միայն մխիթարութիւն չեն, այլեւ կոչ են՝ ներողամտութեան, հոգեւոր վերափոխման եւ նոյնիսկ թշնամիի հանդէպ ողորմութեան»։ Այդ պատգամը արդիական է համաշխարհային հակամարտութիւններով, բեւեռացման եւ բաժանարար ոգիով լեցուն այսօրուան աշխարհին մէջ։

Ան մաղթեց, որ Նարեկացիի աղօթքները այսօրուան քաղաքական ղեկավարները առաջնորդեն եւ ոգեշնչեն, որպէսզի անոնք լսեն խաղաղութեան եւ հաշտութեան կոչը՝ ձգտելով ոչ միայն դադրեցնելու հակամարտութիւնները, այլ նաեւ արմատախիլ ընելու ատելութիւնն ու բռնութիւնը, որոնք կը սնուցեն այդ հակամարտութիւնները։

Ամփոփելով՝ Սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն յուշատախտակը ընկալելու ոչ որպէս սոսկ յիշատակի նշան, այլեւ որպէս կենդանի խորհրդանիշ՝ հայ ժողովուրդի հաւատքի, տոկունութեան եւ հոգեւոր աղօթքի ուժ։ “Թող այս սրբավայրը, հարստացած Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի ներկայութեամբ, լոյսի աղբիւր դառնայ՝ խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ համընդհանուր յոյսի ճանապարհին”,– մաղթեց ան։

Ուղերձով հանդէս եկաւ նաեւ Հաառլեմ-Ամսթերտամի Կաթոլիկ թեմի առաջնորդ Եան Հենտրիքս եպիսկոպոսը․ ան նշեց. “Մեծ պատիւ է ողջունել ձեզ Ամսթերտամի սրտին մէջ գտնուող Սուրբ Նիկողայոսի այս տաճարէն եւ միասնաբար յարգանքի տուրք մատուցել հայոց մեծ սուրբին՝ Գրիգոր Նարեկացի վանականին, զոր մենք բոլորս խոր ակնածանքով կը յիշատակենք”։

Եան Հենտրիքս եպիսկոպոս  ընդգծեց Ամսթերտամի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ պատմական եւ մշակութային դարաւոր կապերը՝ 17-րդ դարէն սկսեալ։ Յիշեցուց, որ 1666-ին Ամսթերտամի մէջ տպագրուած է առաջին հայերէն Աստուածաշունչը, իսկ 1714-ին քաղաքային խորհուրդը հայերուն տրամադրած է իրենց սեփական եկեղեցի կառուցելու իրաւունք։

Աւարտին կաթոլիկ հոգեւորականը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ժամանակակից պատերազմներէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նշելով որ ան երբեք պէտք չէ մոռցուի։

“Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի այս յուշարձանը թող խաղաղութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան համար մեր համատեղ աղօթքի խորհրդանիշը ըլլայ։ Ինծի համար մեծ պատիւ է այս յուշարձանը ընդունիլ մեր տաճարին մէջ եւ ձեզ ողջունել այս նշանակալի արարողութեան ընթացքին”, – եզրափակեց ան։

Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ հաւատացեալներու միասնական աղօթքով եւ Նարեկացիի բարձրաքանդակին առջեւ մոմավառութեամբ։