Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ կրկին կը սպառնայ. «Անոնք որոնք այսօր հաշուի չեն առներ Ազերպայճանը, վաղը պիտի զղջան»

Պաքուի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ Ակնայի (Աղդամ) Մուղամ կեդրոնի բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ բոլոր անոնք որոնք «այսօր հաշուի չեն առներ Ազերպայճանը, վաղը պիտի զղջան»։

Ան 44-օրեայ պատերազմի յաղթանակը ազերի ժողովուրդի հասարակաց յաղթանակ որակած է եւ նշած է թէ իր երկիրը այդպէսով «ցոյց տուած է իր պատմական մեծութիւնը ամբողջ աշխարհին»։ 

«Պատահական չէ որ նոյնիսկ մեզի թշնամի շրջանակները, ուժերը եւ երկիրները գիտեն թէ մենք արժանապատիւ եւ յարգանքի արժանի ժողովուրդ ենք եւ որուն հետ հաշուի պէտք է նստիլ։ Անոնք որոնք մեզ կ՚անտեսեն այսօր, գոնէ մեր տարածաշրջանին մէջ, վաղը պիտի զղջան»,– ընդգծած է բռնապետը։

Անոր համաձայն, պատերազմի ընթացքին Պաքու յստակօրէն հասկցած է «թէ ով կը սատարէր Հայաստանին եւ ինչ ուժեր կը գտնուէին անոր ետին», բայց այդ պարագան չէ կասեցուցած իր ընթացքը։