Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաշտօնապէս բացուած է «Միասին» ընկերային ցանցի հարթակը

Պաշտօնապէս բացուած է «Միասին» ընկերային ցանցի՝ յատկապէս հայերու համար ստեղծուած հարթակը: Ան կը միաւորէ նոյն հետաքրքրութիւնները ունեցող հայերը՝ գործարարութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

16 լեզուներով (ուքրաներէն, ռուսերէն, պուլկարերէն, յունարէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, ֆրանսերէն եւ այլն) տրամադրուած հարթակը կ’ապահովէ անվտանգ հաղորդակցութիւն եւ հասանելի է iOS-ի ու Android-ի համար:

Հարթակին հիմնադիրն է ֆրանսահայ Վարդան Գաբրիէլեան (մեր սիւնակներուն մէջ՝ հեղինակին հետ հարցազրոյցով մը անդրադարձած ենք նախագծին): Արդէն արձանագրուած է շուրջ 5000 օգտատէր: «Միասին»-ը նպատակ ունի երեք տարուան ընթացքին հասնելու մէկ միլիոն օգտատիրոջ՝ դառնալով աշխարհասփիւռ հայութեան միաւորման գործուն հարթակ մը: