Մայիս 9-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան առաջին այցելութեամբ ժամանած է Վենետիկ, ուր նախ հանդիպում ունեցած է նահանգապետ Տարքօ Փելլոսի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Վենետիկի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման առնչուող հարցեր, յատկապէս մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ։
Նոյն օրը դեսպանը եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարարը բացումը կատարած են Վենետիկի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ «Արհեստական բանականութեամբ մանրաճարտարապետութիւն: Նոր յիշողութիւններ պատմական յուշարձաններէն» նախագիծով ներկայացուած հայկական տաղաւարին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։