Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Վահան Տէրեանի 140-ամեակին նուիրուած մշակութային երեկոյթ

Մայիս 13-ին, Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցած է մշակութային երեկոյթ մը՝ նուիրուած հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին։ Ներկայ եղած են Պերլինի երեսփոխաններու պալատի անդամ Մարթի Փեթցոլտ, Սաքսոնիա եւ Սաքսոնիա-Անհալթ դաշնակցային նահանգներուն մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Դեսպանութեան խորհրդական Լուսինէ Դաւթեանի բացման խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան, «Ջաւախք» հայրենակցական-բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան։

Շիրակ Թորոսեան

Երեկոյթի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ աւստրիացի նշանաւոր գրող Արթուր Շնիցլերի «Տիկին Պերթա Կարլան» գիրքի շնորհահանդէսը, որուն հրատարակութեան նախաձեռնողը եւ հովանաւորը Շիրակ Թորոսեանն է։ «Տիկին Պերթա Կարլան» վիպակը 1912-ին Վահան Տէրեան թարգմանած ու հրատարակած է հայերէն, իսկ այժմ վերահրատարակուած է երկու լեզուով՝ հայերէն եւ գերմաներէն։

Ձեռնարկին արտասանուած են Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւնները՝ հայերէն եւ գերմաներէն լեզուներով, ընկերակցութեամբ երաժշտական կատարումներու։