Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան ժամանած են ֆրանսական Mistral AI ընկերութեան ներկայացուցիչները

Մայիս 14-ին, Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան (ԲԱԱ) փոխնախարար Գէորգ Մանթաշեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ֆրանսական Mistral AI ընկերութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ աշխատանիստ մը՝ «Արհեստական բանականութիւնը՝ հանրային կառավարման փոխակերպման համար» նիւթին շուրջ:

Փոխնախարարը ողջունելով հիւրերը անգամ մը եւս վերահաստատած է արհեստական բանականութիւն (ԱԲ) մէջ մասնագիտացած այս ընկերութեան եւ նախարարութեան համագործակցութիւնը՝ խթանելու համար ԱԲ մարզին մէջ միասնական ծրագրերն ու նախաձեռնութիւնները։

Mistral AI-ի ներկայացուցիչն ալ մանրամասնօրէն անդրադարձած է իր ղեկավարած ընկերութեան գործունէութեան, արհեստական բանականութեան հիմքերուն ու համաշխարհային նպատակներուն:

Նիստին անդրադարձ կատարուած է մեքենայական ուսուցման եւ ինքնաշխատացման, կառավարման, ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման բնագաւառներուն մէջ համաշխարհային ԱԲ միտումներուն, առաջատար կառավարութիւններու՝ ԱԲ-ի վրայ հիմնուած փորձառութեան ուսումնասիրութիւններուն, ԱԲ-ի ազդեցութեան՝ կառավարութեան գործունէութեան եւ քաղաքացիական ծառայութիւններու վրայ, ԱԲ-ի կիրարկման միջոցով հանրային ոլորտին մէջ խարդախութեան, գնումներու եւ ֆինանսական գործառնութիւններու շեղումներու յայտնաբերման, ԱԲ միջոցներով խելացի կառավարման ու տուեալներու վերլուծութեան, արդարադատութեան, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու աջակցութեան եւ բարելաւման եւ այլն։

Ըստ ԲԱԱ նախարարութեան եւ Mistral AI ընկերութեան միջեւ 2025 Փետրուար 10-ին Փարիզ կնքուած համաձայնագրին՝ կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ բարելաւել ԱԲ ենթակառոյցները, աջակցիլ ԱԲ հիմքով գործարարական լուծումներուն եւ բարելաւել հանրային կառավարումը արդէն գործող GovTech ծրագրի միջոցով՝ օգտագործելով Mistral AI ընկերութեան փորձառութիւնը: Նախարարութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս Mistral AI ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի ներդրէ իր փորձառութիւնը, իրականացնէ վերապատրաստումներ, առաջարկէ ԱԲ նպատակային լուծումներ։