Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին հաղորդագրութիւնը Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին մասին

Մայիս 16-ին, Թիրանայի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին կապակցութեամբ վարչապետի աշխատակազմը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Կողմերը ընդգծած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին համաձայնութեան արժանանալու կարեւորութիւնը, քննարկած են ներկայ կացութիւնը եւ որոշած՝ շարունակել ստորագրութեան ուղղութեամբ աշխատանքը»։

Նշենք, թէ երկու ղեկավարներուն գլուխ-գլխի տեսակցութենէն քիչ մը վերջ անոնց միացած են նաեւ Արտաքին գործոց նախարարները։