Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹԻՐԱՆԱ – Փաշինեանի հանդիպումը նախագահ Մաքրոնի հետ

Թիրանայի մէջ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նախագահ Մաքրոնի հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր, անդրադառնալով նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն: Յատկապէս ընդգծուած է Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրման եւ այդ ուղղութեամբ շարունակական ու հետեւողական քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը:

Նախագահ Մաքրոն շեշտած է Ֆրանսայի հաստատակամ աջակցութիւնը խաղաղութեան ուղղուած քայլերուն՝ նշելով, թէ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կենսական նշանակութիւն ունին ընդհանուր տարածաշրջանային համագործակցութեան համար: