Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուբէն Վարդանեանը զրկած են Աստուածաշունչէն օգտուելու կարելիութենէն

GB News Ռուբէն Վարդանեանի եւ հայ միւս գերիներու ապօրինի բանտարկութեան անդրադարձած է յօդուած մը հրապարակելով.

Ստորեւ կու տանք թարգմանաբար, որոշ յապաւումներով.

«Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեամբ զբաղող փաստաբանները GB News-ին յայտնեցին, թէ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանին թոյլ չեն տուած օգտուիլ Աստուածաշունչէն։

Ազերպայճանի մէջ կալանաւորուած հայ քրիստոնեայ բարերարի որդին յայտարարած է, որ “մեզմէ ո՛չ ոք ապահով է”՝ նշելով, թէ իր հայրը ցեղային զտման զոհ է։ Հայաստանի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկուն՝ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ յարուցած են 42 ամբաստանութիւն: Անոր որդիին՝ Դաւիթի բնութագրումով եղածը “կեղծ դատավարութիւն մըն է՝ դատավարական շարք մը խախտումներով”։ Ռուբէնը միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած էր, երբ հիմնած էր «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակը։ Ռուբէնի որդին Դաւիթ GB News-ին պատմեց, որ իր հայրը այսօր անօրինական կալանքի տակ է Պաքուի մէջ։ Դաւիթ քննադատեց միջազգային լրասփիւռները, իր հօր պարագային նման դէպքերու վրայ “աչք գոցելուն” համար։ Ան կ՚ըսէ. “Մենք անոր կալանաւորման մասին իմացանք ընկերային ցանցերէն՝ 2023 Սեպտեմբեր 27-ին, ինչ որ շատ նպատակային քայլ մըն էր Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ՝ իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի փաստելով, որ մեզմէ ո՛չ ոք ապահով է”։

Հակառակ կալանքին, Դաւիթի համաձայն՝ իր հայրը կը շարունակէ “ամուր” մնալ։

“Ան քանի մը անգամ նշած է, որ չի փափաքիր բողոքել իր բանտի պայմաններուն դէմ, քանի որ այդ պիտի շեղէ ուշադրութիւնը ամբողջ գործընթացին անօրինական ըլլալէն։ Մենք շաբաթական առաւելագոյնը մէկ-երկու անգամ կը յաջողինք կապ հաստատել անոր հետ՝ հեռաձայնով խօսելով մէկ-երկու վայրկեան, բայց ոչ կանոնաւորաբար։ Նախապէս անոր հետ կը խօսէինք Կարմիր խաչի միջոցով։ Սակայն վերջերս յայտարարուեցաւ, որ այդ երկրին մէջ Կարմիր խաչի գրասենեակը կը փակուի, ինչ որ աւելի պիտի սահմանափակէ մեր հաղորդակցութիւնը։ Աղջիկս ծնաւ անոր բանտարկութեան ընթացքին։ Յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային ան պիտի կարենայ տեսնել իր թոռնիկը։ Ան մեծ հայր դարձաւ առանց թոռնուհին տեսնելու, ինչ որ մեզի համար ցաւալի է”,– կ՚ըսէ Դաւիթ։։

Փաստաբան Ճարըտ Կենսըր GB News-ին Ուաշինկթընէն յայտնեց, որ Ռուբէն զրկուած է Աստուածաշունչէն օգտուելու կարելիութենէն։

“Սա կը հակասէ Ազերպայճանի ներկայացուցած թեզին, թէ այս հակամարտութիւնը կապ չունի անոնց քրիստոնեայ ըլլալուն հետ, եւ իբրեւ թէ եղածը տարածքներու անօրինական գրաւման մասին է”,– կ՚ըսէ ան։

Կենսըր նաեւ կը քննադատէ միջազգային լրասփիւռները՝ նշելով, թէ կեդրոնացած ըլլալով Կազայի եւ Ուքրաինայի պատերազմներուն վրայ՝ “կ՚անտեսուի” շրջանի քրիստոնեաներու ծանր վիճակը։ Ան կ՚աւելցնէ. “Կովկասի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը չէ արժանացած համաշխարհային մեծ ուշադրութեան”։

Միաժամանակ ան յոյս կը յայտնէ, որ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ ընդգծած է հայ քրիստոնեաներու ազատութեան ուղղուած ջանքերը, քայլերու պիտի ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ, մինչ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հետաքրքրուած չէ խաղաղութեամբ։

Փաստաբանը կը շեշտէ. “Որպէս Ռուբէնն ու միւս բանտարկեալները պաշտպանող կողմ՝ մեր խնդիրն այն էր, որ ո՛չ Ազերպայճան, ո՛չ Հայաստան ցանկութիւն ունէին առաջնահերթ դարձնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կամ իրենց քաղաքացիներու ազատ արձակումը։ Ալիեւ որեւէ քայլի ձեռնարկելու մէջ ո՛չ մէկ շահագրգռութիւն ունի, քանի որ այս ամէնը անոր համար շրջանի ցեղային զտման ուղղութեամբ տասնամեակներու ջանքերու արդիւնք է”»։