Չորեքշաբթի, Մայիս 14-ին, Երեւանի AHA կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հերման Վահրամեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն հետեւեցաւ նաեւ երաժշտական երեկոյթ մը: Ցուցահանդէսը նուիրուած է AHA-ի ցուցասրահի բացման առաջին տարեդարձին:
Ըլլալով ճարտարապետ՝ Հերման Վահրամեան մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երաժշտութեան նկատմամբ եւ այս երեկոյթը առիթ էր ոգեկոչելու արուեստագէտ Վահրամեանի յիշատակը, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երաժիշտներու գործերուն:
Երեկոյթը ամբողջապէս կեդրոնացած էր ժամանակակից հայ կին երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն վրայ, որ նաեւ առիթ հանդիսացաւ այդ ստեղծագործութիւններու հանրայնացման: Ներկայացուեցան երաժիշտներ Շուշան Արեւշատեանի (Երեւան), Եւա Էկոյեանի (Թորոնթօ), Մանէ Գրիմսոն Յովհաննիսեանի (Երեւան), Շուշան Հիւսնունցի (Միլանօ), Նարինէ Մխիթարեանի (Երեւան), Կասիա Ուզունեանի (Օքսֆորտ), Մարի Եւգինէ Թիրարի (Փարիզ) եւ Կարինէ Թորոսեանի (Երեւան) ստեղծագործութիւնները:
Ներկայացումը կը վարէր Շուշան Հիւսնունցի, որ սկիզբի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց AHA-ի տնօրէնուհի՝ Նայիրի Խաչատուրեանի, որ պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց եւ յօժար ընդունեց, հակառակ ձեռնարկի թուականին միայն 15 օր մնացած ըլլալուն, որմէ ետք սկիզբ առաւ կազմակերպչական աշխատանքը: Շուշան եւ Նայիրի մէջընդմէջ կը ներկայացնէին արուեստագէտները, որոնց կարճ խօսքէն ետք կը լսուէր ստեղծագործութիւն մը: Բացառիկ կտորներ էին բոլորը, իւրաքանչիւրի հնչեղութեամբ ներկաները կը փոխադրուէին ուրիշ աշխարհներ, խոկման ընթացքի մը կը յանձնուէին Վահրամեանի նկարներով զարդարուած գողտրիկ սրահին մէջ:
Երեկոյթին ներկայ էին սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս 19։ Կարելի է այցելել Երկուշաբթիէն Շաբաթ, ժամը 16-19: Մանրամասնութեանց համար դիմել AHA collective-ին (Մոսկովեան 31, Երեւան):
https://www.aha.am
Ա.Բ.Ղ.
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։