Modern Website Header
Website Header with Working Banner

2021-ին Արցախի մէջ յայտնաբերուած է շուրջ 200 յուշարձան

Արցախի Հանրապետութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութիւնը ամփոփած է 2021 թուականը՝ զայն գնահատելով ծանր տարի կազմակերպութեան համար։

2020 թուականի աշնան Ազէրպայճանի սանձազերծած պատերազմին հետևանքով բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մնացած է շուրջ 2 000 յուշարձան, այդ կարգին՝ «Տիգրանակերտ»-ը, «Տողի մելիքական ապարանքներ»-ը, «Հունոտի կիրճ», «Ազոխի քարանձաւ» բնապատմական արգելոցները:

Կազմակերպութենէն յայտնած են, թէ 2021-ին աշխատանքներ տարուած են պատմական, ճարտարապետական անշարժ յուշարձաններու, պատմական միջավայրի, մշակութային այլ արժէքներու պահպանման, հանրութեան լայն շերտերու ներկայացման և ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաև հաւաքագրուած են տեղեկութիւններ՝ բռնագրաւուած տարածքներու յուշարձաններու վիճակին վերաբերեալ:

Յուշարձաններու պահապանները կատարած են համապատասխան շրջայցեր, յուշարձաններու տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ կազմակերպած են: Այդ առումով յատուկ ուշադրութիւն ընծայուած է յատկապէս զբօսաշրջային գրաւչութիւն ունեցող յուշարձաններուն:

Նշուած է, թէ հասկնալի պատճառներով 2021-ին պեղումներ չեն կատարուած:

2021-ին շրջանային ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ Մարտակերտի ու Ասկերանի շրջաններուն մէջ յայտնաբերուած են շուրջ 200 յուշարձաններ, այդ կարգին՝ խաչքարեր, տապանաքարեր ու եկեղեցի-մատուռներ, մէկ մասը արձանագիր, մէկ մասն ալ կարևոր տեղեկութիւններ պարունակող: