Մայիս 21-ին, Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան (ԹՊԿ) ոչ-պաշտօնական ժողովին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. “Անցեալին Կիպրոսի մէջ, Ղարաբաղի մէջ, Պոսնիոյ մէջ եւ այսօր Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնները կը յիշեցնեն սեփական սահմաններէն դուրս մտածելու անհրաժեշտութեան մասին”։
Էրտողան յիշատակած է Միջին միջանցքի մասին, «որ պիտի ապահովէ անվտանգ եւ անխափան հաղորդակցութիւն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, եւ որ առաջնահերթ է որպէս ռազմավարական երթուղի»։ “Մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան շրջանակին մէջ համագործակցութեան՝ Միջին միջանցքի յաջողութեան համար եւ կ՚ակնկալենք կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու աջակցութիւնը”,– ընդգծած է ան։
***
Էրտողանի արծարծած Միջին միջանցքը կ՚ակնարկէ այն երթուղիին, որ սկիզբ առնելով Թուրքիայէն՝ երկաթուղիի եւ ցամաքային ճամբու միջոցով՝ անցնելով Վրաստանէն, Ազերպայճանէն՝ կ՚երկարի մինչեւ Կասպից ծով, հոնկէ ալ՝ Թիւրքմէնիստանէն, Ուզպէքիստանէն, Քիրկիզստանէն եւ Ղազախստանէն անցնելով կը հասնի մինչեւ Չինաստան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։