Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքուի բանտը գտնուող Վիգէն Էօլչեքճեան փոխադրուած է հիւանդանոց

Պաքուի բանտը գտնուող Վիգէն Էօլչեքճեան փոխադրուած է հիւանդանոց։

Լուրը հաղորդած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեան։

Նշենք, թէ հայ գերին Ապրիլի վերջէն ի վեր հացադուլի մէջ է։

***

2020-ին Վիգէն Էօլչեքճեան կը պատրաստուէր իրընտանիքին հետ հաստատուելու Արցախ։ Հոն ան թաքսի մը գնած էր նոր կեանք սկսելու համար։ Բայց անոր ծրագրերը ոչնչացուց Ազերպայճանի յարձակումը։

Ան գերեվարուեցաւ Ազերպայճանի կողմէ 2020 նոյեմբեր 10-ին։ 2021 Յունիսին ազերպայճանական դատարանը զայն դատապարտեց 20 տարի բանտարկութեան, բոլորովին շինծու եւ անհիմն մեղադրանքներով, ինչպէս միւս բոլոր հայ գերիները։