Մայիս 22-ին, տեղի ունեցած է Հայ-չինական Երկրաշարժաչափական եւ GNSS ցանցային կեդրոնի բացման արարողութիւնը, Գիւմրիի «Ա. Նազարով» Երկրաշարժաբանութեան հիմնարկին մէջ:
Սոյն կեդրոնը պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը՝ երկրաշարժական հսկողութեան եւ վտանգի գնահատման բնագաւառին մէջ:
Չինացի փորձագէտներ դաշտային ուսումնասիրութիւններ կատարած եւ ընտրած են երկրաշարժական կայաններուն համար ամէնէն յարմար վայրը:
“Այսպիսի բարդ կայաններ շրջանին մէջ հազուագիւտ են”,– ըսած է Հիմնարկի տնօրէն Ջոն Կարապետեան, աւելցնելով թէ կայանները ի վիճակի են արձանագրելու երկրաշարժեր 15.000 քիլոմեթր շառաւիղի մէջ: “Առաջին անգամ կ՚օգտագործուի կանխազգուշացման համակարգ, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ստանալու երկրաշարժերու մասին տուեալներ երկվայրկեաններու ընթացքին”,– աւելցուցած է ան:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Լի Ցինուէյ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։