Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեակին առթիւ ընթերցողին ներկայացուած է «Սերկէյ Փարաճանով. յաւերժական շարժում» ժողովածուն, որ կը ներառէ արուեստագէտի բարեկամներուն, մերձաւորներուն յուշերը, հարցազրոյցներ եւ փորձագրութիւններ (էսսէ) անոր մասին։
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Մայիս 22-ին, Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանին մէջ։
Հատորին հեղինակը՝ լրագրող Նունէ Ալեքսանեան, այս գիրքին վրայ աշխատած է մէկ տարի, բայց 25 տարիէ աւելի լուսաբանած է Փարաճանովի արուեստին նուիրուած հանդիպումներն ու ցուցահանդէսները եւ կրցած է խորապէս ուսումնասիրել մեծ բեմադիրին արուեստը։
“Փարաճանով ծնած է Թիֆլիս, կրթուած Մոսկուա, ապրած է Քիեւ, ապա՝ դարձեալ Թիֆլիս…, եւ անոր ամբողջ ժառանգութիւնը ռուսերէն է։ Խորհեցայ, թէ անհրաժեշտ է կազմել ժողովածու մը, որուն մէջ պիտի ամփոփուին շատ կարեւոր նիւթեր։ Երբ կ՚ըսեմ կարեւոր նիւթեր, նկատի ունիմ Փարաճանովի ստեղծագործական սկզբունքները, գեղագիտութիւնը, շարժարուեստի մտածողութիւնն ու գեղարուեստական աշխարհահայեացքը ամբողջացնող նիւթերը”,—շնորհահանդէսին ունեցած իր ելոյթին ըսած է Ալեքսանեան։
Հեղինակը առանցքային նիւթերէն կը համարէ Փարաճանովի «Յաւիտենական շարժում» փորձագրութիւնը, զոր ան գրած է «Մոռցուած նախնիներուն ստուերները» ֆիլմը նկարահանելէ ետք եւ զայն տպագրած է 1966-ին «Կինոյի արուեստը» ամսագրին մէջ։ “Սա Փարաճանովի ստեղծագործական հանգանակն է։ Անոր գեղագիտական մօտեցումները, անոր սինեմայի առանձնայատկութիւնները ամբողջացած են այդ գործին մէջ, ուր ան առաջին անգամ շեշտադրուած պաշտօնապէս կ՚արձանագրէ ի՛ր շարժանկարին մէջ գեղարուեստական պատկերին, գեղանկարչութեան գերակայութեան սկզբունքը”,—նշած է հեղինակը։
Գիրքին՝ «Գեղեցկութեան գերին» գլուխին տակ ներառուած են բեմադիրներ Ռոման Բալայեանի, Սերժ Աւետիքեանի, Ալեքսանդր Աթանէսեանի, Ատոմ Եղոյեանի հետ հարցազրոյցներ։ Բացի վերջինէն, Ալեքսանեանի բոլոր զրուցակիցները եղած են Փարաճանովի երկարամեայ գործընկերներն ու բարեկամները, որոնք ականատեսները հանդիսացած են անոր կեանքի դժուար եւ ուրախ օրերու իրողութիւններուն։ “Այս հարցազրոյցները կարեւոր էին փաստեր արձանագրելու համար, նկատի ունենալով, որ Փարաճանովի անունին շուրջ կը գերակայէ առաւելաբար «առասպելական»-ը, քան իրականութիւնը։ Կան նաեւ արուեստի մեծ գործիչներու, դերասաններու, երաժիշտներու, բժիշկներու յուշերը Փարաճանովի մասին, զորս ներառած եմ երրորդ գլուխին մէջ, որ կը կոչուի «Յիշելով Փարաճանովը»”,—պատմած է Նունէ Ալեքսանեան եւ աւելցուցած, թէ հետաքրքքրական են նաեւ այն նիւթերը, ուր Փարաճանով կը խօսի իր հայկական արմատներուն, ինքնութեան մասին, եւ հասկնալի կը դառնայ, որ ան անտեսանելի թելերով կապուած եղած է Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, հայ մշակոյթին։
Գրող, շարժարուեստի մասնագէտ եւ արուեստի գործիչ Դաւիթ Մուրադեան ըսած է, թէ Փարաճանով այս գիրքին մէջ արթուն է, կը զգացուի անոր կենդանի ներկայութիւնը։ “Ես անոնցմէ մէկն եմ, որ պատիւն ու բախտն ունեցայ Փարաճանովը ճանչնալու։ Այս գիրքէն նոյնիսկ կը լսուի անոր ծիծաղը։ Այդքան դժբախտութիւններու ընդմէջէն անցած մարդը ունէր ծիծաղելու տաղանդ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ունէր հոգիի ահաւոր ուժ։ Տեսնել բանտը, զգալ հալածանքները, ծանր հիւանդութիւնը եւ ծիծաղիլ՝ բացառիկ բան մըն է”,– ընդգծած է ան։
«Սերկէյ Փարաճանով՝ յաւիտենական շարժում» գիրքը հրատարակած է «Վերնատուն»-ը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։