Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Փաշինեան. «Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ չի կրնար ըլլալ “արեւմտեան Ազերպայճան”»

Մայիս 26-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է «Երեւանեան երկխօսութիւն-2025» միջազգային համաժողովի բացման արարողութեան, որուն մասնակցած է նաեւ պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցօ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովին մասնակցած են 40-էն աւելի երկիրներէ շուրջ 600 պատուիրակներ, ներառեալ՝ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու, գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, վերլուծաբաններ, փորձագէտներ եւ այլն:

Անդրադառնալով Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններու հարցին՝ վարչապետը իր ելոյթին կրկնած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ “արեւմտեան Ազերպայճան” չկայ եւ չի կրնար ըլլալ. արեւմտեան Ազերպայճանը այդ երկրի արեւմտեան շրջաններն են։ Չի կրնար ըլլալ արեւմտեան Ազերպայճան անոր տարածքէն դուրս։ Նման քննարկումները մեզի համար անընդունելի են»։

Վարչապետը նշած է, թէ Հայաստան յստակ առաջարկներ ներկայացուցած է Ազերպայճանին՝ այդ երկրի արեւմտեան շրջաններէն Նախիջեւան փոխադրումներ կազմակերպելու մասին։

Փաշինեան յայտարարած է, թէ «Խաղաղութեան խաչմերուկը» Հիւսիսն ու Հարաւը, Արեւմուտքն ու Արեւելքը կապելու նոր հնարաւորութիւն պիտի տայ, յիշեցնելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը հիմնուած է տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան կարեւոր սկզբունքներու վրայ։ Ըստ անոր՝ սա ընդհանրապէս ճգնաժամերը յաղթահարելու կարեւոր նախագիծ մըն է, քանի որ երբ բացուին ճամբաները Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ան նոր կարելիութիւն պիտի ընձեռէ կապելու Հիւսիսն ու Հարաւը, Արեւմուտքն ու Արեւելքը։

Խօսելով Պաքուի՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջին, վարչապետը ըսած է, որ եթէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացնէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը չի համապատասխաներ Սահմանադրութեան, այդ պարագային ինք պիտի նախաձեռնէ սահմանադրական փոփոխութիւններու:

“Մենք կ՚առաջարկենք ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը եւ զուգահեռաբար դիմել ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խումբին կառոյցները լուծելու հարցին շուրջ: Ես կ՚ենթադրեմ, որ սա շինիչ առաջարկ մըն է՝ սեղանին վրայ ունենալ երկու փաստաթուղթ ու ստորագրել զանոնք միաժամանակ՝ նոյն պահուն, նոյն տեղը”,– շեշտած է վարչապետը:

“Մնայուն կայուն խաղաղութիւնը ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ հասանելի: Մենք հաւատարիմ ենք խաղաղութեան օրակարգին եւ պատրաստ ենք շարունակելու խորհրդակցութիւնները Ազերպայճանի հետ, յանգելու համար համաձայնագրին եւ այլ փաստաթուղթերու ստորագրման, որոնք հիմնովին պիտի փոխեն իրավիճակը եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու ճակատագիրը: Մենք պիտի ընենք մեզմէ կախեալ ամէն ինչ, ի հարկէ, յարգելով նշուած սկզբունքները”,– ըսած է Փաշինեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ հակառակ բոլոր գրգռութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պատերազմ պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ խաղաղութի՛ւն։