Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի նախագահը պարգևատրած է 2021-ին մրցանակներ շահած մարզիկներն ու մարզիչները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, Յունուար 29-ին տեղի ունեցած է 2021-ին հայրենական և միջազգային հարթակներու վրայ մրցանակային տեղեր գրաւած արցախցի մարզիկներու եւ անոնց մարզիչներու պարգևատրման հանդիսութիւնը:

Նախագահ Արայիկ Յարութեան իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն համար շնորհաւորած է Արցախի մարզիկները, նշելով որ՝ անոնք մեծապէս կը նպաստեն Հանրապետութեան մարզանքի զարգացման ու աշխարհի մէջ երկիրը արժանաւոր կերպով ներկայացնելու գործին:

Հանդիսութեան մասնակցած են  նաև Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի նախարար Լուսինէ Ղարախանեան: