Աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կարճատեւ արձակուրդ կ՚անցընէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) մէջ:
Ան իր կեցութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ ԱՄԷ–ի փոխնախագահ, վարչապետ, Տուպայիի էմիր Շէյխ Մաքթումի ու անոր որդւոյն՝ Համտան արքայազունի հետ: Այս հանդիպումը աննկատ պիտի անցնէր մեզի համար, եթէ չըլլար ուշագրաւ պարագայ մը: 36-ամեայ մարզիկը կը կրէր հայկական «Ազատ մարդ» ապրանքանիշի մարզահագուստ:
«Ազատ մարդ»-ը այրերու հագուստի ապրանքանիշ է: Համահիմնադիրներն են Կարէն Չօպանեան ու Նիլ Մալհոտրա: Ապրանքանիշը հիմնուած է 2018-ին: Չոպանեան նախկին ֆութպոլիստ է, իսկ Մալհոտրա նորաձեւութեան կառավարիչի աստիճան ստացած է Միլանոյի հեղինակաւոր «Իսթիթութօ Մարանկոնի» նորաձեւութեան տունէն: