Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Վանաձորի «Պոհեմ» թատերախումբին ներկայացումը Անափայի հայ հանդիսատեսին

Վանաձորի համայնքապետութեան նիւթական աջակցութեամբ, Վանաձորի «Պոհեմ» թատերախումբը Մայիս 22–25 հիւրախաղերով հանդէս եկած է Ռուսաստանի Անափա (Կրասնոտարի երկրամասի հարաւարեւմտեան հատուած) քաղաքին մէջ, տեղւոյն «Մուշ» արուեստի կեդրոնի հրաւէրով։

Թատերախումբը ներկայացուցած է Ստեփան Զօրեանի համանուն պատմուածքի հիման վրայ «Ցանկապատ» բեմադրութիւնը։

Ներկայացումէն առաջ Հայկաձորի Սուրբ Գէորգ  եկեղեցւոյ Թադէոս քահանան աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած եւ «Մուշ» կեդրոնի տնօրէնուհի Կարինէ Փիլոյեան թատերախումբը ներկայացուցած է Անափայի եւ երկրի տարբեր շրջաններէն ժամանած հայ հանդիսատեսին։

Դերասաններուն խաղը եւ նիւթին արդիականութիւնը մեծապէս տպաւորած են ներկաները։

Նշենք, թէ 1992-ին Հայաստանէն Անափա փոխադրուած է առաջին խաչքարը եւ այնուհետեւ քաղաքին մէջ կառուցուած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Անկէ ետք, ամէն տարի Մայիսին Անափայի մէջ մեծ շուքով կը նշուի խաչքարի տօնը, որ արձանագրուած է քաղաքային տօներու շարքին։ «Պոհեմ» թատերախումբն ալ այս տօնի շրջանակին մէջ հրաւիրուած է Անափա։