Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Հովուապետական այցելութիւն դէպի Տիգրանակերտ

Սահակ Բ. պատրիարք հայրը Մայիս 31-ի առաւօտուն հովուապետական այցելութեամբ մեկնած է Տիգրանակերտ։ Նոյն օրը կէսօրին, Հոգեւոր պետը ժամանած է քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցին, որու հիմնական նորոգութեան ու վերաշինութեան աշխատանքները կը շարունակուին: Հոն Վարդգէս Էրկիւն Այըք տարուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է:

Երեկոյեան, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարք հօր նախագահութեամբ կատարուած է կանոնական ժամերգութիւն:

Գիշերը, ծխական խորհուրդը ի պատիւ Հոգեւոր պետին, սպասարկողներուն ու դպիրներուն, ընթրիքի սեղան մը սարքած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ:

Յաջորդ առաւօտ՝ Յունիս 1-ին, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է, որուն նախագահած է Պատրիարքը։

Յաւարտ պատարագի, Ան նախ գոհունակութիւն յայտնած է, որ անգամ մը եւս իր հանդիսապետութեամբ պատարագ կը մատուցուի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, ապա քարոզած է երկրորդ Ծաղկազարդի խորհուրդը բացատրելով: Յիշեցուցած է այն խօսքը, որ Տէր Յիսուս արտասանեց իրեն համար սիրոյ ցոյցեր ընող ժողովուրդը արգիլողներուն ի պատասխան. «Եթէ անոնք լռեն, քարերը պիտի աղաղակեն»: Հոգեւոր պետը յայտնած է, թէ պատմութեան ընթացքին քարեր շատ բաներու վկայ կը դառնան ու լուռ վկաներ կը մնան: Այնուհետեւ Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Տիգրանակերտի առաջնորդներուն, վարդապետներուն, քահանաներուն սարկաւագներուն, դպիրներուն, սատարողներուն եւ շրջանի ընդհանուր ննջեցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Լուսանկարները՝ ԼՐԱԲԵՐ-ի