Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը Խոտ գիւղին մէջ ծանօթացած է տեղահանուած արցախցիներու խնդիրներուն

Յունիս 3-ին, Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Տաթեւ համայնքի Խոտ գիւղը։ Ներկայ եղած է նաեւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղազարեան։

Շրջանի նախագահը զրուցած է բնակիչներուն հետ եւ ծանօթացած Խոտ հաստատուած Արցախէն բռնի տեղահանուածներու խնդիրներուն։ Ան անդրադարձած է ենթակառոյցներու զարգացման եւ ֆրանքեւհայկական գործակցութեան ծիրէն ներս համայնքին մէջ հնարաւոր ներդրումներուն եւ ականջալուր եղած է այս ուղղութեամբ երեխաներու ցանկութիւններուն։

Ֆրանսական պատուիրակութեան հայաստանեան այցելութիւններու լուրերը եզրափակելու համար նշենք, թէ Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացուած գործակցութեան 6-րդ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Կրընոպլը քաղաքին մէջ։