Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշազատէ. «Ես կը հաւատամ, որ «ղազիաթ»-ը իր գործունէութիւնը պիտի վերսկսի Երեւանի եւ Էջմիածնի (*) մէջ»

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ կրկին անդրադառնալով «ղազիաթ»-ի նիւթին ըսած է հետեւեալը.

“Օրին, Երեւանի մէջ կը գործէր «Երեւանի ղազիաթ»-ը, որ կ՚ընդգրկէր ամբողջ Հայաստանը եւ ենթարկուած էր Կովկասի մահմետականներու վարչութեան: Աւելի ուշ, Ազերպայճանի ժողովուրդը տեղահանուեցաւ, մեր հայրենակիցները չէին կրնար հոն ապրիլ, եւ այդ պատճառով մեր ղազիաթն ալ ստիպուած եղաւ դադրեցնելու իր գործունէութիւնը:

Մենք կը հաւատանք, որ արեւմտեան ազերպայճանցիները պիտի վերադառնան իրենց նախնիներուն հողերը: Այդ հողերուն վրայ կան բազմաթիւ մզկիթներ, սրբավայրեր եւ գերեզմանատուներ: Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքին հետ խորհրդակցելէ ետք մենք վերականգնեցինք մեր «Երեւանի ղազիաթը»՝ բարոյական աջակցութեան համար:

Եթէ «Երեւանի ղազիաթ»-ը այսօր սկսած է իր գործունէութիւնը հոս, ապա ես կը հաւատամ, որ ան պիտի վերսկսի Երեւանի եւ Էջմիածնի մէջ”:

Յիշեցնենք, որ Պաքուի մէջ յայտարարուած է այսպէս կոչուած «Երեւանի ղազիաթի» գործունէութեան վերսկսման մասին:

(*) – Փաշազատէ կոչեցեալը Երեւանի եւ Էջմիածնի անունները թրքացուած եւ աղաւաղուած ձեւով կը նշէ։