2017 թուականէն ի վեր Նիւ Եորք բնակող նշանաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի պարբերաբար կ՚այցելէ Հայաստան՝ իրեն հետ բերելով ոչ միայն միջազգային փորձառութիւն, այլեւ նոր բացայայտումներ մեր մշակութային ժառանգութեան մասին։
ՀՕՖ-ի (Հայ Օգնութեան հիմնադրամ) նախաձեռնութեամբ ան դասընթացքներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ջաւախքի երաժշտական դպրոցներու աշակերտներուն համար, յատկապէս՝ մարզերուն մէջ։
Ութ տարիներու ընթացքին ան հանդիպած է հազարաւոր երեխաներու, սակայն, ըստ անոր, միայն երեք իսկապէս տաղանդաւոր աշակերտ բացայայտած է։ “Անոնցմէ մէկը արցախցի էր, որուն ճակատագրին մասին այսօր ոչինչ յայտնի է”,– կ՚ըսէ դաշնակահարը։
Ջաւախքի հայութեան մասին իր խօսքին մէջ Շահան Արծրունի ցաւով կը նշէ, թէ սփիւռքի այս կարեւոր կեդրոնի հայկական ինքնութիւնը դանդաղ կը մարի։
2025 Մայիսին Շահան Արծրունի Հայաստան ժամանած էր մէկ յաւելեալ առաքելութեամբ, որ իր համոզումով, կրնայ փոխել մեր պատկերացումները հայկական մշակոյթի մասին։
Ան հանրութեան ներկայացուցած է հայ կին յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն կազմուած ձայներիզը, որ կ՚ընդգրկէ 38 կին երգահաններ, որոնք ստեղծագործած են տարբեր դարաշրջաններու՝ 8-րդ դարէն սկսեալ։
Իր երկարատեւ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին Արծրունի բացայայտած է ուշագրաւ փաստ մը, թէ աշխարհի առաջին կին երգահանը հայ էր եւ որուն մասին քիչեր գիտեն։
“Այս պատմական իրողութիւնը չգիտնալը մեր թերութիւնն է։ Մենք գրեթէ չենք ճանչնար մեր մշակոյթն ու արժէքները, իսկ սա յաճախ մեզ կը հեռացնէ մեր արմատներէն ու մեր հայկականութենէն”,– ցաւով կ՚ընդգծէ դաշնակահարը։
Շահան Արծրունի այսքանով չի սահմանափակուիր։ Հանդիպումները երաժշտական դպրոցներու աշակերտներուն հետ շարունակական պիտի ըլլան, իսկ հայ կին երգահաններուն ժառանգութեան ներկայացումէն ետք, ան նպատակ ունի ներկայացնելու նաեւ սփիւռքահայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները, արական երգչախումբի համար գրուած գործերը, ինչպէս նաեւ Արամ Խաչատրեանի՝ քիչ յայտնի յօրինումները։
“Իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն Հայաստան միայն երաժշտական վարպետութիւն փոխանցելու համար չէ, այլեւ մեր մշակութային ինքնութիւնը վերագտնելու պայքարն մըն է, յոյս մը, որ մեր մոռցուած մեղեդիները նորէն պիտի հնչեն եւ մեր պատմութեան թաքնուած էջերը ի վերջոյ պիտի բացուին”,—կ՚ամփոփէ Շահան Արծրունի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։