Յունիս 5–10 պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսայի՝ Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ՚Ազիւր շրջանը գտնուող Կարտան քաղաք ժամանեց Հայաստանի՝ Ալավերդիի համայնքապետ Դաւիթ Ղումաշեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Այցի շրջանակին մէջ, Յունիս 7-ին, Կարտանի քաղաքապետարանին մէջ քաղաքապետեր Հերվէ Կռանիէ եւ Դաւիթ Ղումաշեան ստորագրեցին Ալավերդիի եւ Կարտանի զուգորդութեան հռչակագիրը, որուն յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւնը՝ խաչքարին առջեւ, եւ ծառատնկում՝ ի նշան եղբայրութեան, Տըլէօյ հանրապարտէզին մէջ։
Յունիս 5-ին ալ Կարտանի «Լէօ Ֆեռէ» դահլիճին մէջ տրուեցաւ ֆրանքեւհայկական յայտագրով համերգ մը Orchestre à vent et à cordes de l’école de musique-ի մասնակցութեամբ։
Հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց տեղւոյն մանկապարտէզներ, դպրոցներ, Centre de microélectronique de Provence Georges Charpak, բժշկական կեդրոններ։
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան երկու քաղաքներու միջեւ ա՛լ աւելի սերտ գործակցութեան հեռանկարները։
Յիշեցնենք, թէ Կարտանի քաղաքային պատուիրակութիւնը Ալավերդի այցելած էր 2024 Սեպտեմբերին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։