Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարսի մէջ խաչով գերեզմանաքարեր յայտնաբերուած են

Կարսի մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն խաչով գերեզմանաքարերը, որոնք սակայն աւերածութիւններու կ՚ենթարկուին։ Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net՝ յղում ընելով թրքական լրասփիւռներուն։

Աղբիւրին համաձայն՝ Կարս քաղաքի Իւչլեր թաղամասին մէջ տարբեր ձեւերով խաչեր կրող այդ գերեզմանաքարերու մէկ մասը կողոպտուած է գանձագողերու կողմէ, մինչ տեղացի բնակիչները կ՚ակնկալեն, որ գերեզմաններու գտնուելու շրջանը պահպանութեան տակ առնուի, շեշտելով թէ խաչեր կրող գերեզմանաքարերու վերականգնումի պարագային՝ այնտեղ զարկ պիտի տրուի  զբօսաշրջութեան։

Ըստ բնակիչներուն՝ Իւչլեր թաղամասը գտնուող գերեզմանները նուազագոյնը 100 տարեկան են։ Անոնք նաեւ կ՚ընդգծեն․ «Այս տեղը ամենայն հաւանականութեամբ նախապէս իբրեւ բնակավայր գործածուած է, որովհետեւ գերեզմաններու գտնուելու վայրին մէջ եկեղեցի կայ։ Մենք կը պահանջենք, որ այս տարածքը պահպանութեան տակ առնուի»։