Վերջերս, այսօրուան Թուրքիոյ Էրզրում (Կարին) քաղաքին մէջ թուրք-ազերպայճանական համաժողով մը տեղի ունեցած է։
Էրզրումի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Սաիմ Էօզաքալըն իր ելոյթին անդրադարձած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին։ Ան նշած է, թէ Էրզրումը ռազմավարական դարպաս է դէպի Կովկաս՝ ընդգծելով քաղաքին փոխադրական կարելիութիւններն ու կարեւորութիւնը։ Ասկէ բացի, անոր համաձայն, Էրզրում գտնուելով Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան եւ Արեւելեան Անատոլիոյ կազատարներու ճամբուն վրայ, ուժանիւթի փոխադրութեան տեսանկիւնէն ռազմավարական հանգոյց մըն է։
«Այս տարածաշրջանային ենթակառոյցը ամբողջացնող Զանգեզուրի միջանցքը պիտի կապէ Ազերպայճանի արեւմտեան տարածքները Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Նախագծին ընդհանուր երկարութիւնը 215 քիլոմեթր է։ Զանգեզուրի միջանցքի գործարկումին շնորհիւ կ՚ակնկալուի՝ Թուրքիոյ եւ կեդրոնական Ասիոյ միջեւ առեւտուրի աճ, փոխադրական ծախսերու կրճատում, Էրզրումի, Իգդիրի եւ Կարսի մէջ տնտեսական աշխուժութիւն եւ աշխատատեղերու յաւելում»,– ըսած է ան։
Աղբիւր` Ermenihaber.am
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։