Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցի ուսանողուհի Արփի Սինանեան Յունիս 2–5 Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ մասնակցած է «Սթանիսլաւ Մոնիւշքօ» միջազգային 12-րդ մրցոյթին եւ գրաւած 2-րդ տեղը, իսկ նոյն մրցոյթին մասնակցած պարիթոն Ալեքս Դաւէեան 3-րդ հանդիսացած է։ Երկու շնորհալի օփերայի երգիչներն ալ կը ներկայացնէին Հայաստանը։
Այս հեղինակաւոր մրցոյթին մասնակցած է աւելի քան 80 օփերայի երգիչ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն։
Միջազգային երաժշտական քննադատները Արփի Սինանեանը որակած են «յայտնութիւն, բացառիկ դրամատիկ սոփրանօ, ադամանդ», եւ ընդգծած 22-ամեայ երգչուհիին բարդ երգացանկը, հիանալի կատարումը, բեմական վարպետութիւնը։
Նշենք, թէ Արփի Սինանեան մէկ տարի առաջ ալ երկրորդ մրցանակը շահած էր Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցոյթին։
Ան արմատներով Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքէն է։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։