Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՆԳԱՐԱ – Վահան Կոստանեանի հանդիպումը իր թուրք պաշտօնակցին հետ

Յունիս 16-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Պերրիս Էքինճիի հետ։

Կոստանեան X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ, թէ հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։

Այս կապակցութեամբ, Յունիս 17-ին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ ԱԳ փոխնախարար Վահան Կոստանեանի այցը Թուրքիա՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման շրջածիրին մէջ կայացած է։

Գիտէք, ո՛չ միայն ես շփման մէջ կը գտնուիմ Թուրքիոյ բանագնացին հետ, այլեւ ԱԳ նախարարութեան մակարդակով ալ շփումներ կան”,ըսած է ան։