Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Օրենպուրկի հայկական նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը

1734 Յունիս 7-ին, կայսրուհի Աննա Եոհանովնա յատուկ հրովարտակով կ՚արտօնէ հայերուն բնակութիւն հաստատել նոր կառուցուող Օրենպուրկ քաղաքը, զբաղիլ առեւտուրով եւ հարկ եղած պարագային ազատօրէն եւ անարգել վերադառնալ իրենց նախկին բնակավայրերը։ Յատկապէս Աստրախանի եւ Պարսկաստանի վաճառական հայերն են, որ իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը կապած են Օրենպուրկի հետ։

Հայերու թիւը քաղաքին մէջ կ՚աւելնայ ստալինեան բռնաճնշումներու ժամանակ, երբ Հայաստանէն կ՚աքսորուին մեծաթիւ հայ մտաւորականներ ու հոգեւորականներ։ Արդիւնաբերական կեդրոն համարուող դէպի Օրենպուրկ հայերուն վերջին հոսքը տեղի ունեցած է 1990-ականներուն։ Նոր գաղթած հայերու շնորհիւ համայնքը համբաւ եւ հեղինակութիւն վայելած է։ Կայք հաստատելով Ուրալ գետին ափը՝ Օրենպուրկի հայերը ջանք չեն խնայած պահպանելու մայրենին, հայկական ոգին եւ հաւատքը։

2015-ին, թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի աջակցութեամբ, Օրենպուրկի մէջ սկսած է եկեղեցւոյ շինարարութիւնը։ 9 տարի յետոյ քաղաքին կեդրոնը վեր խոյացած է հայկական եկեղեցին, որպէս վկայութիւն քրիստոնէական հաւատքին եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյն։

Եկեղեցւոյ օծման առիթով, թեմակալ առաջնորդը 2025 Յունիս 14-ին հովուական երկօրեայ այցով Օրենպուրկ ժամանած է։ Տեղւոյն հայ համայնքը աղ ու հացով դիմաւորած է զայն։ Համայնքի անդամները՝ մեծ ու փոքրով հաւաքուած են եկեղեցւոյ բակը Սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։

Նոյն օրը երեկոյեան կատարուած է հայկական եկեղեցւոյ նաւակատիքը։ Այնուհետեւ հոգեւոր դասը՝ աղօթակից հաւատացեալներուն հետ, մուտք գործած է եկեղեցի, ուր ջուրով եւ գինիով լուացուած, ապա սրբալոյս միւռոնով օծուած են եկեղեցւոյ 16 սիւները, մկրտութեան աւազանը, սրբապատկերները։ Օծուած են նաեւ եկեղեցւոյ գմբէթի խաչերը, զանգակատան զանգակները, Հայաստանէն բերուած խաչքարը։

Արարողութեան աւարտին, ներկաներուն խօսք ուղղած է թեմակալ առաջնորդը։

Յաջորդ օրը՝ Յունիս 15-ին, կատարուած է եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծման արարողութիւնը։ Սրբազան հայրը օծելով սուրբ սեղանը, խորանին սիւները, եկեղեցին կոչած է Սուրբ Յարութիւն անունով, իր քարոզին մէջ նշելով, թէ եկեղեցին պիտի դառնայ ազգային կեանքի կեդրոնը։

Եզրաս արք. գնահատանքի խօսք ըսած է եկեղեցւոյ բարերարներուն, որոնց ազնիւ յանձնառութիւններով Օրենպուրկի մէջ բարձրացուած է հոյակերտ հայկական եկեղեցին։ 10 բարերարներ արժանացած են օրհնութեան գիրերու։ Առաջնորդը գնահատանքի խօսքեր ուղղած է նաեւ եկեղեցւոյ հիմնական բարերար Աշոտ Օրդուխանեանին՝ իր նուիրումին եւ եկեղեցասիրութեան համար։

Օծման արարողութեան ներկայ եղած են մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներէն ժամանած մեծ թիւով հայեր։

Ապագային կը նախատեսուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցել հովուատուն եւ երկյարկանի դպրոց։

Օրենպուրկ ունի շուրջ 600.000 բնակիչ, 10.000-ը՝ հայեր են, որոնք ընդգրկուած են տնտեսութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, կը վարեն ղեկավար պաշտօններ։

Օրենպուրկ, որ սիրով եւ ջերմութեամբ ընդունած է հայերը մէկ այլ խորհուրդ եւս ունի. այնտեղ վախճանած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեան, հետեւաբար պատահական չէ, որ աղիւսէ հին տուներու կողքին զետեղուած է Տէրեանի յուշարձանը։ Անոր անունով կոչուած են փողոց, թանգարան կրթական կեդրոն եւ հասարակական կազմակերպութիւն մը։

“Մենք կը ջանանք ապրիլ հոգեւոր եւ ազգային լիարժէք կեանքով”,– կ՚ըսէ եկեղեցւոյ ատենապետ Գէորգ Սարգսեան։