Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւնը՝ Ուրուկուայի նախագահին ներկայութեան

Յունիս 17-ին, Ուրուկուայի Carrasco միջազգային օդակայանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնարկէքին արարողութիւնը։

Ներկայ եղած են Ուրուկուայի նախագահ Եամանտու Օրսի, Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Մարիօ Լուպեթքին, Պաշտպանութեան նախարար Սանտրա Լացօ, Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Խոսէ Գառլոս Մահիա), Ceibal կրթական նորարարական կեդրոնի տնօրէն Ֆիորելլա Խաիմ, Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Ուրուկուայի նախագահը, Corporación América Airports ընկերութեան ընդհանուր գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնէկեան, Ceibal կրթական կեդրոնին տնօրէնը:

Թումօ կեդրոնը Ուրուկուայի մէջ պիտի բացուի 2026-ին, Carrasco  օդակայանի յարակից տարածքին մէջ:

Նախագիծը կը գործադրուի Corporación América Airports ընկերութեան եւ Ceibal-ի գործակցութեամբ: