Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կացութիւնը՝ հայ-իրանական սահմանին

Վերջին օրերուն Մեղրիի մէջ Հայաստան անցնողներուն թիւը կտրուկ յաւելում արձանագրած է՝ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող ռազմական գործողութիւններու պատճառով։

Մեղրիի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան մը պատասխանատու Աշոտ Արամեան կը հաղորդէ, թէ այցելուներուն մեծ մասը Չինաստանի, Հնդկաստանի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի քաղաքացիներ են, որոնք օդային տարածքի սահմանափակումներուն պատճառով ցամաքի ճամբով կը հեռանան Իրանէն։ Անոնց կարգին կան նաեւ դեսպանութիւններու աշխատակիցներ։

“Պանդոկներուն մէջ ազատ տեղ գրեթէ չկայ։ Ճիշդ է, որ հոսքը մեծ է, սակայն այցելուները սովորաբար միայն մէկ գիշեր կը մնան, ինչ որ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ սպասարկել բոլորին”,– կ՚ըսէ Արամեան։

“Սակակառքով (taxi) Մեղրիէն Երեւան փոխադրութեան արժէքը հասած է 200-250 տոլարի։ Թէեւ սուղ կը թուի, բայց պայմանաւորուած է ուղեւորներու մեծ թիւով, ծանր բեռներով եւ ոչ-բարեկարգ ճամբաներով”,– շարունակած է ան, աւելցնելով թէ մաքսակէտին կուտակում չկայ եւ աշխատակիցները գործը կը կազմակերպեն արագ ու արդիւնաւէտ։