Յունիս 19-ին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշած է Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի եւ Սուրբ Աթանագինէ եպիսկոպոսի տօնը, որ նաեւ Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է:
Սուրբ Հովհաննէս-Մկրտչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի մասունքները ամփոփող խաչ-մասունքարանը առաւօտեան Մայր Աթոռէն Սուրբ Շողակաթ վանք տարուած է եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափօրով:
Թափօրը մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կամար գլխաւորած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը՝ մասունքարանով օրհնելով բարեպաշտ ժողովուրդը:
Ապա սրբազան մասունքները Նորին սրբութիւնը յանձնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Անանիա վարդապետ Ծատուրեանին:
Սուրբ Շողակաթ վանքին առջեւ թափօրը դիմաւորած են բազմաթիւ ուխտաւորներ՝ Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեանի գլխաւորութեամբ:
Տօնին առիթով վանքին մէջ մատուցուած է պատարագ:
Պատարագի աւարտին Սուրբ Շողակաթ վանքի բակին մէջ Արտակ եպիսկոպոսի նախագահութեամբ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի մասունքները ամփոփող խաչ-մասունքարանով կատարուած է հաւատացեալներու օրհնութիւն եւ Անդաստանի կարգ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։