Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Մոնթէ Մելքոնեանի անունը կրող յուշակոթողին բացման արարողութիւնը

«Ես երդում տուած եմ եւ կը պատկանիմ մէկ մարդու, այդ մարդը հայրենիքի ազատութեան զինուորն է։ … Իմ նպատակն է պայքարիլ Արցախի յաղթանակի համար, որուն համար նոյնիսկ կեանքս պիտի չխնայեմ։ …Ես երդում տուած եմ… Արցախը իմ առաջին պայքարը չէ եւ վստահ եմ, որ վերջինը պիտի չըլլայ…»։

Մոնթէ Մելքոնեան

Արարատի մարզի Մասիս համայնքի Նոր Կիւրին (ի յիշատակ արեւմտեան Հայաստանի Կիւրին քաղաքի) բնակավայրին մէջ տեղի ունեցած է հայրենիքի ազատութեան զինուոր` Մոնթէ Մելքոնեանի յուշակոթողի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Մասիսի համայնքապետ Դաւիթ Համբարձումեան, համայնքապետարանի ներկայացուցիչներ, վարչական ղեկավարներ, հերոսին ընկերները, բազմաթիւ հիւրեր, բնակիչներ։

Ողջունելով եւ շնորհաւորելով ներկաները` Համբարձումեան նշած է, թէ այս կարեւոր գաղափարը իրականութիւն դարձած է մեծ հայորդիին ընկերներուն նախաձեռնութեամբ ու ներդրումով, Մասիսի համայնքապետութեան աջակցութեամբ։

“Այս յուշակոթողը պէտք է դաստիարակչական նշանակութիւն ունենայ, որպէսզի գալիք սերունդները դաստիարակուին հայրենասիրական ոգիով եւ դառնան Մոնթէի գործը շարունակողները…”,– շեշտած է համայնքապետը։

Բացման արարողութիւնը համեմուած է օրհնութեան խօսքով, Մոնթէի ընկերներուն ելոյթներով եւ գեղարուեստական յայտագրով, որուն ընթացքին դպրոցականները խոստացած են, որ պիտի ըլլան հայրենիքի նուիրեալին գաղափարակիրն ու անոր գործը շարունակողները։