Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեանի հանդիպումը պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Պոլսոյ մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին վարչապետը կարեւոր համարած է Թուրքիա իր այցելութիւնը՝ ընդգծելով, որ ան իրականութիւն դարձաւ վերջին շրջանին Թուրքիոյ հետ աշխուժ երկխօսութեան շնորհիւ։ Փաշինեան յոյս յայտնած է, թէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ տեսակցութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։

Վարչապետին համաձայն՝ այցը տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման ջանքերու շրջանակին մէջ, որ կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Ան միեւնոյն ատեն շեշտած է Թուրքիոյ հայ համայնքին դերը՝ կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը ընդլայնելու հոլովոյթին մէջ։

Ան յայտարարած է, թէ 2026-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաաժողովին առիթով Հայաստան պիտի հրաւիրէ Թուրքիոյ նախագահը։

Աւարտին վարչապետը պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Թուրքիա այցին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն, «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան եւ շարք մը այլ նիւթերու։

Այցելութիւն՝ Մայր եկեղեցի

Այնուհետեւ, վարչապետը այցելած է Գումգափուի Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցի, մոմ վառած, աղօթած է ու շրջած Պեզճեան վարժարանին մէջ, ծաղկեպսակ զետեղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պարտէզը գտնուող Կոմիտասի արձանին: «Պատրիարքարանի փակ ըլլալ»-ուն պատճառով, Փաշինեանը ընդունող հոգեւորական չէ եղած եւ Պեզճեանի վարչութիւնը ընդունած է վարչապետը։

Ի դէպ, այնպէս կը թուի, թէ «Պատրիարքարանի փակ ըլլալուն պատճառով Փաշինեանը դիմաւորող հոգեւորական չըլլալ»-ը աւելի «դիւանագիտական պատրուակ» մըն է, քանի որ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ոչ մէկը ներկայ եղած է, մինչ հոն էին Թուրքիոյ Կաթոլիկ հայոց հոգեւոր առաջնորդ գերապայծառ Գազանճեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր Աղապալօղլու։

Վարչապետը այցելած է նաեւ Պոլսոյ նշանաւոր Կապոյտ մզկիթը։