Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՃԱՓՈՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Orient» ամսագրի 2025-ի 2-րդ թիւը ամբողջութեամբ նուիրուած է հայագիտութեան

Թոքիոյի Համալսարանի փրոֆ., արեւելագէտ Թոմոքօ Մորիքաուայի եւ Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնին միջեւ գործակցութեան շնորհիւ Թոքիոյի մէջ հրատարակուած է “Orient” («Արեւելք») ամսագրի 2025-ի երկրորդ թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայագիտութեան եւ կրէ «Հայերը Արեւելքի մէջ» խորագիրը։

Ամսագրին այս թիւին մէջ ներառուած են Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի աշխատակիցներ Էլինա Ղազարեանի, Անահիտ Թովմասեանի, Իվեթ Թաջարեանի եւ Գրետա Գասպարեանի, ինչպէս նաեւ ճափոն հայագէտներ Նոպութաքա Նաքամաշիի, Հիսաշի Եաքուի, Շինիա Շիոնոզաքիի եւ Թոմոքօ Մորիքաուայի յօդուածները՝ նուիրուած հայոց պատմութեան տարբեր հարցերու ուսումնասիրութեան։ Թիւը ունի նաեւ յառաջաբան, ուր յօդուածներու խմբագրման ու գրախօսութեան աշխատանքները ղեկավարող Թոմոքօ Մորիքաուա եւ Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի վարիչ Քրիստինէ Կոստիկեան ամփոփ կերպով կը ներկայացնեն հայագիտութեան վերջին շրջանի նուաճումները եւ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները: