Թեհրանի Արարատ մարզաւանը
Ինչպէս հաղորդած էինք, «Ալիք» օրաթերթը տպագրական աշխատանքը կասեցուցած էր եւ երկրի իրավիճակին բերումով առցանց աշխատանքով կը բաւարարուէր։ Ներկայիս համացանցի դժուարութիւն ալ ունի, ուստի կայքէջի աշխատանքն ալ դադրած է:
Յունիս 21-ին, «Ալիք»-ի խմբագիր Արամ Շահնազարեան տեսանիւթ մը հրապարակելով թերթի թելեկրամի ալիքին վրայ համայնքին մասին հետեւեալը հաղորդած է. «Իրանահայ համայնքին անմիջական որեւէ վտանգ չի սպառնար: Համայնքը, Իրանի հասարակութեան նման, կ’ապրի պատերազմական մթնոլորտի յատուկ իրավիճակի մէջ: Թեհրանի հայութիւնը մեկնելով
ապահովական իրավիճակէն՝ քաղաքէն հեռացած է: Ազգային առաջնորդարանը կեանքի կոչած է թէժ գիծ, որ 24 ժամ կը պատասխանէ համայնքի զաւակները յուզող հարցերուն:
Ազգային իշխանութիւնը կեցութեան վայր ապահոված է արդէն այն հայրենակիցներուն, որոնք Թեհրանէն ելլելով կ’ուզեն աւելի անվտանգ վայրերու մէջ հաստատուիլ: Զոյգ վեհափառները անմիջական կապի մէջ են եւ անընդհատ կը հետաքրքրուին տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, իրենց հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով իրանահայ մեր հայրենակիցներուն: Պատերազմական վիճակը համընդհանուր է, բայց համայնքին մէջ խուճապ չկայ: Մարդիկ կը փորձեն ապրիլ իրենց առօրէական կենցաղային իրավիճակով»:
Միւս կողմէ, Թեհրանի վրայ Իսրայէլի ռմբակոծումէն թեթեւ վնասուած են «Արարատ» մարզաւանի դռներն ու պատուհանները։
«Ալիք» օրաթերթին համաձայն՝ ծանր վնասներու մասին լուրերը ստայօդ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Նշենք, թէ «Արարատ» մարզաւանը Իրանի հայ համայնքին կարեւոր կեդրոններէն է, ուր տեղի կ՚ունենան Թեհրանի համայնքային բոլոր կարեւոր ձեռնարկները՝ սկսեալ ազգային-մշակութային հանդիսութիւններէն մինչեւ կրթական, մարզական ու հասարակական միջոցառումներ, համաժողովներ։
Միւս կողմէ, Յունիս 24-ի առաւօտեան կը հաղորդուէր, թէ ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ հրադադար հաստատուած է Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ։
Հակառակ անոր որ կը շրջէին լուրեր, ըստ որոնց՝ հրադադարի յայտարարումէն ետք՝ Իրան շարունակած է հրթիռներ արձակել դէպի Իսրայէլ, Թեհրան հերքած էր։ Կ՚ըսուէր, թէ երկու կողմերը ընդհանրապէս կը յարգեն հրադադարը, զոր Թրամփ որակած էր «մնայուն ու վերջնական»։
Հարկ է սպասել ու տեսնել։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։