Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան՝ հոսանքն ի վեր

Մինչ ըն­դա­ռաջե­լով Իս­րա­յէլի կո­չերուն՝ ԱՄՆ-ու B-2 ռմբա­կոծիչ­նե­րը նոր թափ տալով Իս­րա­յէլ–Պարսկաս­տան հա­կամար­տութեան, հարուածեցին պարսկական երեք հիւ­լէական հարստաց­ման կա­յան­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան հո­սանքն ի վեր թիավա­րեց մեկ­նե­լով Պո­լիս, Հա­յաս­տան-Թուրքիա 1993-էն ի վեր խան­գա­րուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կար­գա­ւորե­լու, երկկողմ սահ­մաննե­րը բա­նալու, դի­ւանա­գիտա­կան կա­պեր հաս­տա­տելու, տա­րածաշրջա­նին մէջ խա­ղաղու­թեան լծորդ հան­դի­սանա­լու, արե­ւելք-արեւ­մուտք եւ հիւ­սիս-հա­րաւ տնտե­սական խաչ­մե­րուկ ըլ­լա­լու, Հա­յաս­տա­նի աշ­խարհա­քաղա­քական դիր­քե­րը ամ­րապնդե­լու նպա­տակով։

Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր, թե­րեւս եր­րորդ նա­խաձեռ­նութիւնն է Թուրքիոյ հետ բա­րիդ­րա­ցիական յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու, առա­ջին եր­կուքը՝ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի եւ Սերժ Սար­գսեանի ատե­նօք, ձա­խողե­ցան։ Առա­ջինը՝ Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի թէժ ատենն էր. հայ­կա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րուն պատ­ճա­ռով Թուրքիա փա­կեց իր սահ­մա­նը։ Երկրոր­դը՝ 2009-ի Զիւ­րի­խեան ար­ձա­նագ­րութիւններն էին, որոնք ստո­րագ­րուեցան մի­ջազ­գա­յին մեծ պե­տու­թիւննե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, սա­կայն չկի­րար­կուեցան Ազեր­պայճա­նի բուռն հա­կադրու­թեան պատ­ճա­ռով։ Եւ մին­չեւ այ­սօր, հա­կառակ Ար­ցա­խեան հա­կամար­տութեան աւար­տին, եւ նոյ­նիսկ Ար­ցա­խի կո­րուստին, սահ­մաննե­րը փակ կը մնան, որուն գլխա­ւոր պատ­ճառը կը հան­դի­սանայ Սիւ­նի­քի մի­ջանցքի ռուս սահ­մա­նապահ­նե­րու վե­րա­հսկո­ղու­թեամբ գոր­ծա­ծու­թեան պա­հան­ջը, որուն կ՚ընդդի­մանան Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը, Պարսկաս­տա­ն եւ Ֆրան­սա։ 

Հա­յաս­տան-Թուրքիա մեր­ձե­ցման գործընթա­ցը սկսաւ 2022-ին գլխա­ւորա­բար դրդու­մովը ԱՄՆ-ու, որու հա­մոզումով՝ Թուրքիա-Մի­ջին Ասիա հա­ղոր­դակցա­միջոց­նե­րու հաս­տա­տու­մը պիտի առաջ­նորդէ հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ Ռու­սաստա­նի ազ­դե­ցու­թեան նուազու­մին։ Այս առու­մով Սիւ­նի­քի ճա­նապար­հա­յին անցքը Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան ներ­քոյ գոր­ծարկե­լու առա­ջար­կը կը բա­խի Ազեր­պայճա­նի եւ Ռու­սաստա­նի մեր­ժումին, որով­հե­տեւ այդպէսով Ռու­սաստան պի­տի կորսնցնէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ միջ­նորդ հան­դի­սանա­լու քա­ղաքա­կան կա­րեւոր լծա­կը։ 

Հա­յաս­տա­նեան ներ­քին ճա­կատի վրայ՝ ռու­սա­մէտ ընդդի­մադիր ու­ժե­րը Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թեան Թուր­քիոյ հետ մեր­ձա­ցու­մին, ինչպէս նաեւ Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դա­շինք կնքե­լու ռազ­մա­վարու­թեան հա­կառա­կելով եւ ամէն գնով իշ­խա­նու­թեան բռնի տա­պալու­մը թի­րախա­ւորե­լով, կ՚աջակ­ցին Սիւ­նի­քի մի­ջանցքը Ռու­սաստա­նի վե­րահսկո­ղու­թեան են­թարկե­լու տար­բե­րակին, այ­սինքն՝ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քի այդ հա­տուա­ծին ինքնիշ­խա­նու­թե­նէն հրա­ժարու­մին։

Իս­րա­յէլ-իրա­նական բա­խումնե­րը Հարաւա­յին Կով­կա­սի մէջ ու­ժե­րու յա­րաբե­րու­թիւնը փո­խելու առիթ կը ստեղծեն։ Բա­րեբախ­տա­բար, Իս­րա­յէլ չյա­ջողե­ցաւ հասնիլ Պարսկաս­տա­նի վրայ ծրագ­րած յար­ձա­կու­մին իր նա­խատե­սած ռազ­մա­կան նպա­տակ­նե­րուն գլխա­ւորին՝ տա­պալել Խա­մենէիի իշ­խա­նու­թիւնը եւ զայն փո­խարի­նել իս­րա­յէլա­մէտ կա­ռավա­րու­թեամբ։ Ոչ ալ յա­ջողե­ցաւ քանդել հրթի­ռաշի­նու­թեան, ռազ­մարդիւ­նա­բերու­թեան ու փաստօրէն ոչ իսկ իւրանիումի հարստացման գոր­ծա­տուները, քանի որ անոնց ռմբա­կոծու­մէն ետք հիւ­լէական շո­ղաձա­կման վտանգ չյայ­տա­րարուեցաւ։ Իրա­նական կող­մը նա­խօրօք ամե­րիկա­ցինե­րու կող­մէ տե­ղեկա­ցուած էր յար­ձա­կման մա­սին։ Ինչպէս որ իրա­նական կող­մը զգու­շա­ցու­ցած էր ամե­րիկեան բա­նակը, իբ­րեւ վրիժառու­թիւն՝ ԱՄՆ-ու ռազ­մա­կայան­նե­րու հրթի­ռակոծ­ման մասին։ 

Հա­կառակ ԱՄՆ–Իրան թշնա­մութեան, դէպ­քե­րու ըն­թացքը ցոյց տուաւ եր­կու կող­մե­րու ան­հա­ւատա­լի գոր­ծակցու­թիւն ու փոխ­հասկա­ցու­թիւն, հա­կառակ Իս­րա­յէլի սպա­սումնե­րուն, որուն նպա­տակն էր ԱՄՆ-ն ներ­քա­շել Իրա­նի դէմ լայ­նա­ծաւալ պա­տերազ­մի մէջ։ Թրամփ, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով խստօ­րէն քննա­դատեց Իս­րա­յէլը, իր միջ­նորդու­թեամբ հաստատուած հրա­դադա­րը խախ­տե­լուն պատճառով։ 

Դեռ կա­նուխ է պա­տերազ­մի աւար­տը կան­խա­տեսե­լու հա­մար։ Սա­կայն, Իրա­նի դի­մադրակա­նութիւ­նը եւ իր ար­տադրած հրթիռ­նե­րով Իս­րա­յէլին հաս­ցուցած լուրջ վնաս­նե­րը ծանր հետեւանքներ պի­տի ու­նե­նան Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ Իս­րա­յէլի մի­ջազ­գա­յին օրէնքնե­րէ վեր սան­ձարձակ գոր­ծե­լու իրա­ւունքին ու յա­ւակ­նութիւննե­րուն վրայ։ Իրա­նի կա­յու­նութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի հա­մար ալ Ազեր­պայճա­նի հո­ղային պա­հանջնե­րուն դի­մակա­յելու եւ ու ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու զօրաւոր ազդակ է։

Ժ.Չ.