Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ – Լոյս տեսաւ Գառնիկ Բանեանի յուշերը (1925-1929) ամփոփող հատորը

Գառնիկ Բանեանի մահէն քառորդ դար ետք, 2015 թուականին, անոր դուստրը՝ Հուրի Բանեան Պոյամեան, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին յանձնեց իր հօր անտիպ ձեռագրերէն հաւաքածոյ մը։ Երախտաշատ այս քայլը առիթ ընծայեց, որ հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ Գ. Բանեանի յետորբանոցեան կեանքը:

Նկատի ունենալով, որ 2015-ը կը զուգադիպէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յիշեալ անտիպ յուշերը հրատարակուեցան կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի յաջորդական թիւերու մէջ: Եւ, ահաւասիկ, 2025-ին, անոնք լոյս կը տեսնեն առանձին հատորով՝ «Գառնիկ Բանեանի յուշերը Ճիպէյլի որբանոցէն ետք եւ իր ճեմարան մտնելէն առաջ (1925-1929)» խորագրով, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն։ Հատորի խմբագիրն է Ահարոն Շխրտըմեան։

Սոյն հատորը շուրջ 250 էջերու եւ 6 գլուխներու մէջ կը պատմէ իրենց ճակատագրին լքուած որբերու նաւարկութիւնը Այնթուրայէն Պէյրութ, Պէյրութէն Երուսաղէմ եւ Երուսաղէմէն Պէյրութ:

Հատորը կարելի է ձեռք ձգել առցանց՝ այցելելով www.ciliciabookstore.com։