Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Հայաստան ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 2005-ի համաձայնագրի միջկառավարական յանձնախումբի անդամ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Փարիզի կեդրոնին մէջ, Յունիս 18–20 տեղի ունեցաւ մշակութային արտայայտութեան ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին 2005-ի համաձայնագրի մասնակից պետութիւններու ընդհանուր ժողովին 10-րդ նիստը։

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեան իր ելոյթին անդրադարձաւ նորագոյն արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան առնչուող մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ միջոցներու ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան, քաղաքացիական հասարակութեան հետ գործակցութեան, արտակարգ իրավիճակներու մէջ արուեստագէտներու ստեղծագործական գործունէութեան շարունակականութեան եւ մշակութային կեանքի պաշտպանութեան կարեւորութեան։

Նիստի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ Հայաստան ընտրուեցաւ 2005-ի համաձայնագրի միջկառավարական յանձնախումբի անդամ։

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ 2005-ի համաձայնագրի 20-ամեակին նուիրուած մշակութային ձեռնարկ մը, ուր Հայաստանը ներկայացուց «Երազ» պարային համոյթը։