Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի Յունիս 27-ին Մամուլի ազգային ակումբին մէջ սարքուած մամուլի ասուլիսին չէ բացառած, որ Իսրայէլ օգտուած ըլլայ Ազերպայճանի տարածքէն՝ հարուածելու համար Իրանը: ան աւելցուցած է, թէ հետախուզական տուեալներու հիման վրայ Թեհրան այդ հարցով դիմած է Պաքուին:
“Մենք տեղեկութիւն ստացանք, որ փոքր քանակութեամբ անօդաչու սարքեր դրացի երկիրներէն մեր տարածքը մտած են: Այդ պատճառով՝ Ազերպայճանի նախագահին հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին մեր նախագահը խնդրեց Ալիեւէն, որ լուրջ հետաքննութիւն կատարուի այդ ուղղութեամբ: Սպասենք ու տեսնենք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան այդ հետաքննութեան արդիւնքները. ըստ այդ արդիւնքներուն պիտի որոշենք՝ ինչպէ՛ս հակազդել”,– յայտարարած է Սոպհանի:
Իրանի դեսպանը ընդգծած է՝ «կարելի է եւ հաւանական, որ թշնամի սիոնիստական վարչակարգը այդ դրացի երկրի տարածքէն օգտուած ըլլայ»: Միաժամանակ յիշեցուցած է, որ ազերպայճանական կողմը վստահեցուցած էր, թէ թոյլ պիտի չտայ, որ իր տարածքը օգտագործուի այդ ուղղութեամբ:
Դիտարկման, թէ Իրան շատ զօրաւոր հետախուզութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ, եւ հետեւաբար կարելի՞ է, որ նկատած չըլլար, թէ յարձակումը Ազերպայճանէն կու գար, դեսպանը պատասխանած է. “Արդէն մեր հետախուզական համակարգը թելադրեց, որ դիմում կատարուի Ազերպայճանին այդ հետաքննութիւնը կատարելու համար: Մենք կը սպասենք պաշտօնական աղբիւրներու յայտարարութան”:
Պաքու կտրականապէս հերքած է Սոպհանիի այս յայտարարութիւնները, զանոնք որակելով «անհիմն ու գրգռիչ»։
“Այդ մեղադրանքները վնաս կը հասցնեն ազերպայճանա-իրանական յարաբերութիւններուն, որոնք հիմնուած են տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի, ներքին գործերուն չմիջամտելու վրայ”,– յայտարարած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ։
Ան պնդած է, թէ Ազերպայճանի նախագահը իրանցի գործընկերոջ հետ վերջին հեռաձայնային զրոյցին «անհրաժեշտ բացատրութիւնները արդէն տուած է, նոյնը ըրած է նաեւ Ազերպայճանի արտաքին գործոց նախարարը իր գործընկերոջ հետ հեռաձայնային զրոյցին։ “Մենք Իրանի դեսպանի մեղադրանքները կը համարենք բացայայտ գրգռութիւն”,– ըսած է Հաճիզատէ։
Նշենք թէ ի հեճուկս Պաքուի այս հերքումին, իսրայէլական լրատու միջոցները, յղում ընելով պաշտպանութեան ոլորտի անանուն մէկ պաշտոնեայի, Յունիս 26-ին հաղորդած էին, որ իսրայէլական բանակը պատերազմի ընթացքին գործած է Իրանին «մօտ» երկրի մը մէջ՝ առանց յստակացնելու, թէ ո՞ր երկրի մասին է խօսքը։
Իրանցի դիւանագէտը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը «Արեւմտեան Ազերպայճան» որակող Պաքուի յայտարարութիւններուն՝ հակադարձելով. “Արեւմտեան Ազերպայճան* անուանումը, որ կ՚օգտագործուի, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նահանգներէն մէկու անունն է եւ ան չի կրնար օգտագործուիլ որեւէ այլ աշխարհագրական տարածքի համար, յատկապէս եթէ ան կ՚ենթադրէ տարածքային պահանջ, յա՛տկապէս Հայաստանի նկատմամբ”:
Սոպհանի անգամ մը եւս վերահաստատած է Իրանի դիրքորոշումը, թէ Թեհրան կտրականապէս կը մերժէ որեւէ տարածքային պահանջ, որ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:
———
* Նշենք, թէ խօսքը Իրանի Ատրպատականի շրջանին մասին է։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։