ՅԱՌԱՋ -ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր ասկէ հարիւր տարի առաջ՝ 1925 Օգոստոս 2-ին։
Այս իւրայատուկ տարեդարձը նշելու համար մեր մտաւորականութենէն, արուեստագէտներէն եւ ընդհանրապէս ընթերցողներէն կը խնդրենք, որ այս առթիւ մեզի հետ բաժնեն իրենց յուշերը, վկայութիւնները, տպաւորութիւնները, ապրումները, սպասումները, պատուելու՝ ֆրանսահայութեան, սփիւռքահայութեան եւ ընդհանրապէս յետեղեռնեան հայութեան ինքնութեան վերակազմութեան համար իր նշանակալի դերակատարութիւնը ունեցած սփիւռքահայ մամուլի այս յոբելինական թուականը։
Առիթ է ողջունելու Շաւարշ Միսաքեանի եւ բոլոր աշխատակիցներու յիշատակը, որոնք իբր տարագիր, օտարութեան մէջ դժնդակ պայմաններու մէջ, իրենց հայրենիքէն զրկուած, չկորսնցուցին հաւատքը ապագային հանդէպ։
Կը խնդրուի ձեր գրութիւնները ղրկել՝
contact@norharatch.com հասցէին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։