Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ – Հաղորդագրութիւն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Յունիս 30 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց հայրապետի տնօրինութեամբ, այս շաբաթ մեր հաւատոյ Հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին նախորդող շաբաթապահքի օրերուն՝ Յունիս 30-էն մինչեւ Յուլիս 4, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին, Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ եւ թեմական առաջնորդանիստ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամը 18.30-ին պիտի մատուցուի պատարագ՝ գերիներու ազատութեան, նեղեալներու մխիթարութեան եւ հայրենի երկրի խաղաղութեան համար։

«Թող Աստուած ունկնդիր ըլլայ մեր աղօթքներուն, եւ Տիրոջ Սուրբ Աջը հովանի ըլլայ համայն աշխարհին, մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին. ամէն»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։