Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՔՐԱԻՆԱ. Ուքրաինայի մէջ հրատարակուած է հայ մարշալ Սերկէյ Խուտիաքովի մասին գիրք մը

Խարքովցի գրող Սերկէյ Մանուկեան հրատարակած է «Թռիչք եւ պատիժ» գիրքը, որ մարշալ Սերկէյ Խուտիաքովի կեանքին կը վերաբերի։ Գիրքը կը պատմէ հարիւրաւոր կերպարներուն ու անոնց ողբերգութիւններուն մասին:

«Հեղինակը եզակի փաստեր կը բացայայտէ մարշալ Խուտիաքովի (Արմենակ Խանփերեանց) կեանքէն՝ անոր մանկութեան, ընտանիքին, կեանքի ուղիին եւ Ուքրաինայի հետ կապերուն վերաբերեալ։ Ինք՝ գրող Սերկէյ Մանուկեան, կը խոստովանի որ աշխարհահռչակ մարշալի ճակատագրին գաղտնիքը դեռ չէ բացայայտուած»,– ըսուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ աղբիւրին՝ Ուքրաինայի Հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեան բարձր կը գնահատէ Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի լայն շրջանակներու ներկայացման նպաստելու իր հայրենակիցներուն պատրաստակամութիւնը։

Սերկէյ Մանուկեան պատմաբան եւ լրագրող է, ինչպէս նաեւ Ուքրաինայի լրագրողներու ազգային միութեան անդամ։ Պարբերական (տեղական եւ այլ) մամլոյ մէջ հրատարակուած են անոր աւելի քան 200 յօդուածները՝ ընկերատնտեսական թեմաներով, ինչպէս նաեւ ռազմարդիւնաբերական եւ ռազմական պատմութեան հարցերու վերաբերեալ։ Հրապարակումներ ունեցած է «Զնամիա», «Գիտութիւն եւ թէքնիք» եւ այլ ամսագրերու մէջ։

Ան հեղինակած է «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մարտական պարգեւները», «Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրօ. ոչ գաղտնի նիւթեր», «Թռիչք եւ պատիժ. մէկ անկման պատմութիւն» եւ քանի մը այլ հատորներ։