Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լաւրով. «Հայ եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները մտահոգիչ են»

Յունիս 30-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) ԱԳ նախարարները լրջօրէն մտահոգ են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ։

“Սա մեր դրացիներուն ներքին հարցն է, բայց անշուշտ, հազարամեայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն”,– ըսած է ան։

Միրզոյեան կը հակադարձէ

Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հակադարձելով Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին յայտարարութեան ըսած է.

“Հայաստանի մէջ չկայ իշխանութիւններու պայքար Եկեղեցւոյ դէմ։ Սա իրաւական գործընթաց է եւ Հայաստանի ներքին գործն է։ Պարոն Լաւրով աւելի լաւ է չխառնուի մեր ներքին քաղաքականութեան”։