Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Հայկական տարազներու ցուցահանդէս

Յունիս 25-ին, Մոնթէվիտէոյի Նախագոլոմպոսեան ժամանակաշրջանի (1492-էն առաջ) եւ բնիկներու արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի գործակցութեամբ կեանքի կոչուած հայկական տարազներու ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը։

Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան իր ելոյթին անդրադարձած է տարազի պատմութեան, անոր տարբեր տարրերու նշանակութեան եւ մեր օրերուն տարազի կիրարկման առանձնայատկութիւններուն:

Իր կարգին, թանգարանի տնօրէն Ֆագունտօ տէ Ալմեիտա նշած է, թէ հայկական ազգային հագուստներուն ցուցահանդէսը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ աւելին իմանալու Հայաստանի մասին։ Ան շեշտած է, թէ Ուրուկուայ միշտ սերտ կապեր ունեցած է Հայաստանի եւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ:

Հանդիսութեան ներկայ եղած են դեսպաններ, Արտաքին յարաբերութիւններու նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 26: