Վերջերս Պոլսոյ մէջ կայացած Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան (ԻԳԿ) անդամ պետութիւններու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 51-րդ նստաշրջանի աւարտին հրապարակուած «Պոլսոյ յայտարարութեան» մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-ազերպայճանական իրադրութեան, կամ առանձին՝ Ազերպայճանին։
Նկատի ունենալով, որ փաստաթուղթին այդ բաժինը կրնայ հետաքրքրել մեր ընթերցողներէն շատեր, ինչպէս նաեւ ապագային ան կրնայ յառաջ քշուիլ միջազգային բանակցութիւններու ընթացքին կամ առնուազն արծարծուիլ, ստորեւ կը ներկայացնենք, թէկուզ որոշ յապաղումով, այդ յայտարարութեան Հայաստանի վերաբերող բաժինը եւ փաստաթուղթը ստորագրած երկիրները։
***
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԻԳԿ)
ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 51-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ
2025 Յունիս 21-22
ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ 20-ՐԴ ԿԷՏ
Անդամ երկիրներ. ԻԳԿ-ն ունի 57 անդամ պետութիւն
Աֆղանիստան, Ալպանիա, Ալժերիա, Սաուտական Արապիա, Ազերպայճան, Պահրէյն, Պանկլատէշ, Պենին, Պրունէյ Տարուսսալամ, Պուրքինա Ֆասօ, Գամերուն, Գոմորներ, Գոթ տ՚Իվուառ, Ճիպութի, Եգիպտոս, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, Կապոն, Կամպիա, Կինէա, Կինէա-Պիսաու, Կույանա, Ինտոնեզիա, Իրաք, Իրան, Յորդանան, Ղազախստան, Քիրկիզիստան, Քուէյթ, Լիբիա, Լիբանան, Մալեզիա, Մալտիւներ, Մալի, Մարոք, Մաւրիտանիա, Մոզամպիք, Նիժեր, Նիժերիա, Օման, Ուկանտա, Ուզպեքիստան, Փաքիստան, Պաղեստին, Քաթար, Սենեկալ, Սիերա Լէոնէ, Սոմալիա, Սուտան, Սուրինամ, Սուրիա, Տաճիկիստան, Չատ, Թոկօ, Թունիս, Թուրքիա, Թիւրքմենիստան, Եմէն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։