Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է ՀԵՑ-ի պետականացման 

Հայաստանի Ազգային ժողովը Յուլիս 2-ի արտակարգ նիստին 64 թեր, 30 դէմ ձայնով առաջին ընթերցմամբ հաւանութիւն տուած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան հեղինակած «Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմինի մասին» եւ «Ուժանիւթի մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու նախագծին, որով հիմք կը դրու «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) ընկերութեան պետականացման: