Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Հաւաք-քայլերթ՝ յաջակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանի, մասնակցութեամբ բազմահազար քաղաքացիներու

Յուլիս 4-ին, Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի «Սիզընս» հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած է հաւաք՝ ի պաշտպանութիւն գործարար, բարերար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի եւ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու (ՀԵՑ) սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի։

Հանրահաւաքին ելոյթներ ունեցած են ՀԵՑ-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նարեկ Կարապետեան, իրաւապաշտպան Արամ Վարդեւանեան, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններ Աղուան Վարդանեան, Աննա Գրիգորեան, Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ապա հաւաքի բազմահազար մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայէն երթով ուղղուած են դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) շէնք, որուն մեկուսարանին մէջ բանտարկուած են Սամուէլ Կարապետեան, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան:

Մասնակիցները վանկարկած են «Ազատութի՛ւն», «Պայքա՛ր», «Պայքար մե՛ր ձեւով» կարգախօսները:

ԱԱԾ-ի շէնքը շրջափակած են մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր եւ կարմիր ու սեւ բերետաւորներ։

Սամուէլ Կարապետեանի ԱԱԾ-ի մեկուսարանէն յղած ուղերձը կարդացած է իրաւապաշտպան Արամ Վարդեւանեան։

«Մեր ժողովուրդը իր վերաբերմունքով ցոյց է տալիս, որ մեկուսարանում ոչ թէ ես եմ, այլ այսօրուայ իշխանութիւնները, որոնք մենակ են՝ հայ ժողովրդից, Հայաստանից ու մեր պատմական արժէքներից մեկուսացած։ Եւ մենք պէտք է միասին ոչ թէ արձանագրենք այդ իրողութիւնը, այլ քաղաքակիրթ ու քաղաքական ճանապարհով տեսանելի դարձնենք զայն բոլորին»,– նշուած է Կարապետեանի ուղերձին մէջ։

Հետագայ մեր քայլերուն մասին հանդէս պիտի գանք յայտարարութիւններով: Սա մեծ ճանապարհի մը սկիզբն է”,– լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է Նարեկ Կարապետեան: