Ֆրանսայի մէջ, Երկուշաբթի, Փետրուար 7-ին կը սկսի ոմն Արտիոմ Ալոյեանի (33 տարեկան) դատավարութիւնը։
Ենթական ծագումով եզիտի Հայաստանցի մըն է, որ Ֆրանսա հաստատուած ու ձեռք ձգած է ֆրանսական քաղաքացիութիւն։ Իր եզիտական դաւանանքը թողլով՝ մահմետական դառնալէ ետք, 2015-ին մեկնած է Սուրիա, միանալու համար ալ-Նոսրա ահաբեկչական խմբաւորման։ Հոն մարզումներու հետեւած, կռիւներու մասնակցած ու նոյնիսկ վիրաւորուած է։
2016-ին ձերբակալուելով Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Հաթայ քաղաքին մէջ, արդէն դատուած ու 4 տարի եւ երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է։ Իր պատիժը ամբողջովին չկրած, 2019-ին յանձնուած է Ֆրանսայի։
Ներկայիս, անոր դատավարութիւնը առաւելաբար մելան կը հոսեցնէ կրկնակի պատիժի հարցով, թեր ու դէմ կարծիքներու տեղի տալով, մինչ ֆրանսական արդարադատութիւնը կը պնդէ, որ կարելի չէ կրկնակի պատիժի մասին խօսիլ, քանի որ ան պիտի դատուի առաջին՝ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դատավարութենէն անկախ մեղադրանքներով։ Արդարեւ, ենթական կ՚ամբաստանուի ֆրանսական հողին վրայ ահաբեկչական արարքներ ծրագրելու յանցանքով։
Հարցը հոն է, որ ֆրանսական մամուլին մէջ ամբաստանեալը կը ներկայացուի որպէս ծագումով հայ Ֆրանսացի։ Եւ, տարածաշրջանի ազգագրական խմորումներէն մեծ մասամբ անտեղեակ, ինքնին Հայն ու Եզիտին զանազանելու անկարող ֆրանսացի ընթերցողի մտքին մէջ պիտի յառաջանայ շփոթ, անարդար ու բոլորովին անտեղի մուր քսելով հայ ժողովուրդի ճակտին։
Բայց, արդար ըլլալու համար, հոս նաեւ անհրաժեշտ է հատուցանել վարձքը ընդհանրապէս Հայաստանի Եզիտիներուն, որոնք առանց պահ մը վարանելու, իրենց հայ եղբայրներու կողքին մեկնեցան ճակատ, արիւն թափեցին, կեանքեր զոհեցին, պաշտպանելու համար իրենց ծննդավայր երկիրը։