Նորաձեւութեան հայ տիպար Աշոտ Գրիգորեան մասնակցած է Dolce & Gabbana-ի 2025 Alta Sartoria արական հաւաքածոյի մեծաշուք ցուցադրութեան Հռոմի մէջ, տողանցելով պատմական Castel Sant’Angelo կամուրջին վրայ:
Վանաձոր ծնած եւ Ֆրանսա հասակ առած Գրիգորեան Instagram-ի իր էջին գրառումով հաղորդած է.
«Մեծ պատիւ է մասնակցիլ Հռոմի հեղինակաւոր Dolce & Gabbana Alta Sartoria-ի բացման հանդիսութեան։ Շնորհակալ եմ, որ ինծի ընծայուեցաւ նրբագեղութեան այս տօնակատարութեան մասնակիցը դառնալու առիթը»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։